Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

Նոր Կիլիկիա Բնակավայրի Կառուցման Երկրորդ Փուլի Աշխատանքները Կը Մօտենան Իրենց Աւարտին

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ` աւարտին կը մօտենայ Նոր Կիլիկիա բնակավայրի կառուցման երկրորդ փուլի աշխատանքները:

ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն «Արցախփրես»-ին յայտնեցին, որ ծրագիրի առաջին փուլին մէջ շահագործման յանձնուած են 10 բնակարաններ, ընթացքի մէջ է եւս 20–ը: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին այդ բնակարաններու ներքին յարդարման, փողոցներու բարեկարգման, ելեկտրականութեան մատակարարման ուղղութեամբ:

Տեղադրուած են ջրամատակարարման նոր համակարգեր. շուտով կը սկսի բնակարաններու ջուրի մատակարարումը: Կը նախատեսուի զայն շահագործման յանձնել ընթացիկ տարուան ընթացքին: Նշենք, որ Նոր կիլիկիա բնակավայրը կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի գիւղերու հարեւանութեամբ: Բնակարանները հասցէատէրերուն կը բաշխէ ԼՂՀ կառավարութեան բնակարանային յանձնաժողովը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին