Յունիս 20-ին Երեւանի մէջ ձերբակալուած է Ժիրայր Սէֆիլեանը, խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ անոնց պահելը կազմակերպելու կասկածանքով:
Այս առնչութեամբ ՀՀ Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.
«2016 թուականի Մայիս 20-ին Երեւան քաղաքի Ծիծեռնակաբերդի խճուղիի սկզբնամասին մէջ, տեղի ունեցած ճանապարհային պատահարի դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութեան ծառայողները՝ պատահարի մասնակիցի մեքենայէն յայտնաբերած են ԱԿ-74 տեսակի երկու ինքնաձիգ` 120 փամփուշտներով:
Յիշեալ մեքենայի վարորդը եւ ուղեւորը ապօրինի կերպով զէնք ու ռազմամթերք պահելու եւ փոխադրելու կասկածանքով՝ բերման ենթարկուած են ոստիկանութիւն:
Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով:
ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ իրականացած՝ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով պարզուած է վարորդին եւ ուղեւորին ինքնութիւնը, ինքնաձիգներու շրջանառութեան հանգամանքները:
Մասնաւորաբար քրէական գործի ծիրէն ներս, համատեղ քննչական եւ գործնական-հետախուզական մեծածաւալ միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է, որ Ժիրայր Սէֆիլեանը խումբ մը անձերու հետ ծրագրած էր զինուած խմբաւորումներու միջոցով, զէնքի գործադրմամբ զաւթել շէնքեր, շինութիւններ, հաղորդակցութեան եւ կապի միջոցներ, որոնց շարքին Երեւանի հեռուստաաշտարակը, որուն ընթացքին ալ վերջինս կազմակերպած է խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ տարբեր վայրերու մէջ զանոնք ապօրինի կերպով պահելը: Ի դէպ խումբին անդամները որոշ յանցաւոր գործողութիւններ ծրագրած էին իրականացնել՝ Ապրիլեան պատերազմին յաջորդող ժամանակահատուածին:
2016 թուականի Մայիս 20-ին տեղի ունեցած վերը նկարագրուած ճանապարհային պատահարի վայրին մէջ ալ յայտնաբերուած են՝ Ժիրայր Սէֆիլեանի կազմակերպմամբ խումբին կողմէ ապօրինի կերպով շրջանառուող երկու միաւոր զէնքն ու ռազմամթերքը:
Քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ, խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ պահելու համար, ութ անձի առաջադրուած է մեղադրանք, անոնցմէ վեցը կալանաւորուած են, մէկուն նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:
Առաջադրուած մեղադրանքները հիմնաւորուած են ինչպէս գործով ձեռք բերուած բազմաթիւ ապացոյցնելով, այնպէս ալ խումբի անդամներուն խոստովանական ցուցմունքներով:
Խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ պահելը կազմակերպելու կասկածանքով՝ 2016 թուականի Յունիս 20-ին Ժիրայր Սէֆիլեանը ձերբակալուած է:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: