2016-ի առաջին կիսամեակին տարբեր ոլորտներու շարք մը օտարերկրացի ներդրողներ հեռացած են Թուրքիայէն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Sozcu» թերթին կայքը։ 2016-ի առաջին եռամսեակին Թուրքիա մուտք գործած անմիջական ներդրումներուն ծաւալը 52.6 տոկոսով կրճատուած է` կազմելով 2 միլիառ տոլար:
Արտասահմանցի ներդրողներուն համար Թուրքիոյ մէջ նպաստաւոր պայմաններ չկան նաեւ կրթական ոլորտին մէջ: 2011-ին Պահչեշեհիր քոլեճի համասեփականատէր դարձած «Carlyle»-ը եւ «Տողա» քոլեճի մէջ ներդրումներ կատարած «Turkven»-ը եւս վաճառքի հանած են իրենց բաժնեմասերը: Նշենք, որ Պահչեշեհիր քոլեճը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ունի 69 ճամբարներ, 141 դպրոցներ եւ 25.000 աշակերտութիւն, իսկ «Տողա» քոլեճի սաներուն թիւը թրքական 35 քաղաքներու մէջ կը հասնի 55.000-ի: