Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ֆրանսայի Մէջ Ֆրանք Եւ Հայկական Միջնակարգ Վարժարան Կը Բացուի

Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը (AAG) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին՝ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ:

Այս մէկը 1987-ին, այսինքն շուրջ երեսուն տարիներ առաջ՝ Մարսիլիոյ Համազգայինի բացումէն ի վեր հայկական միջնակարգ առաջին վարժարանն է, որ Ֆրանսայի մէջ պիտի բանայ իր դռները: Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանէն ետք, պիտի հանդիսանայ Փարիզի շրջանի միջնակարգ երկրորդ վարժարանը: Ան արգասիքն է ընդհանուր ուժականութեան մը, որ սկսաւ 2011-ին, շնորհիւ Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտութեան ծնողաց վճռականութեան:

Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը հիմնուած է 1978 Սեպտեմբեր 15-ին Ալֆորվիլի մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրածներու գաղթէն ի վեր հայկական հոծ համայնք մը կ՛ապրի: 30-ական թուականներուն՝ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման օրերէն իսկ, հոն զուգահեռաբար սկսած է հայերէնի միօրեայ դասընթացք, ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ: 70-ականներու կէսերուն հետզհետէ լսելի կը դառնայ ամէնօրեայ վարժարան մը կառուցելու պահանջը, որ կ՛իրագործուի 1975-էն 1978-ի միջեւ. նախնական շրջանին ան կ՛ըլլայ միայն մանկապարտէզ: Քաղաքապետարանին նեցուկին կու գան միանալու կամաւորներու յօժար աշխատանքն ու հայկական հիմնարկութիւններու եւ բարերարներու ներդրումները: Վարժարանը իր դռները կը բանայ 1979-ի վերամուտին: Այդպիսով Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը կը դառնայ 1920-ականներէն ի վեր բացուած հայկական առաջին դպրոցը:

2011-էն ի վեր շնորհիւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին, հայկական գործընկեր հիմնարկութիւններու, աշակերտաց ծնողներու, նուիրատուներու եւ կամաւորներու, վարժարանը անկիւնադարձ մը կ՛ապրի եւ կը թեւակոխէ յաջորդական հետեւեալ փուլերը.-

2012-2013 – Ֆինանսական վիճակի կարգաւորում եւ հաստատութեան վարչութեան կազմակերպում:

2014 – Սկիզբ նոր շէնքի շինութեան, շնորհիւ Փարիզի եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ անհրաժեշտ հողամասի տրամադրման: Շինարարութեան յանձնակատարը ԱՓԳԱՖ-ն է, որուն կը նախագահէ Թեմիս անդրանիկ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան, ունենալով բացառիկ բարերար մը՝ յանձին Գէորգ Արապեանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ նուիրատուներ:

Յուլիս 2015 – Բացումը կը կատարուի «Գ. Արապեան»-ի շատ գեղեցիկ շէնքին, որ կը գտնուի Սէնի ափերուն (Յակոբեան ճարտ. գրասենեակի նախագծումով): Ներկայ կ՛ըլլան Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետները, Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, Ֆրանսայի Հայոց առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան: Վարչապետ Վալս հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ վարժարանը պիտի գործէ Ազգային կրթութեան հետ պայմանագրով:

Յուլիս 2015 – Բարերար Գ. Արապեան կը յայտարարէ, թէ կը փափաքի 1 միլիոն եւրոյի նուիրատուութիւն կատարել՝ նպատակ ունենալով մանկապարտէզի երախաներուն համար նոր շէնք մը կառուցել: Մանկապարտէզի դասարանները կը գտնուին աւելի քան երեսնամեայ կանխակառուցեալ (préfabriqué) շինութիւններու եւ հին շէնքին մէջ:

Սեպտեմբեր 2015 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու փոխադրութիւնը նոր շէնք:

Մայիս 2016 – Միջնակարգի բացման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները կը լրացուին: Ուսանողութեան ապագայի տեսակէտէն՝ կ՛ապահովուի նաեւ մանկավարժական որակի անհրաժեշտ պայմանները: Կ՛որոշուի բանալ միջնակարգը:

 AAG-ի Նախագահուհի՝ Քարին Լեռեան
Գանձապահ՝ Լօռան Պարսումեան
Քարտուղարուհի՝ Ծովինար Գեւոնեան
Փոխքարտուղար՝ Թիէրի Նոտարեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին