Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ո՞ւր Փնտռել Մարդկայինը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Կապիկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հետեւեալ տարօրինակ արդիւնքը կու տայ:

Անասուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղուող հետազօտողներու խումբ մը երկու շէմփանզէներ իրար կողք գտնուող տարբեր վանդակներու մէջ կը դնեն:

Վանդակներէն մէկը ունի զանգի կոճակ մը, որուն վրայ հազիւ թէ առաջին կապիկը սեղմէ, իրեն ճաշ կը բերուի: Սակայն նոյն կոճակին սեղմումը ելեկտրական ալիքներ կ’առաջացնէ  երկրորդ վանդակին մէջ, որ չարչարանք կը պատճառէ հոն գտնուող երկրորդ կապիկին:

Առաջին կապիկը հազիւ կը յայտնագործէ այս փաստը, թէ իրեն ճաշ ապահովող կոճակի սեղմումը չարչարանք կը պատճառէ դրացի կապիկին, ան կը հրաժարի կոճակը սեղմելէ եւ այդպէս անօթի կը մնայ ամբողջ 15 օրեր, խնայելով իր դրացի կապիկը:

Պէտք ունի՞մ եզրակացնելու սիրելի ընթերցող….:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին