Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագրի 52-րդ Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան

Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող՝ Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի (The Armenian EyeCare Project) 52-րդ առաքելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 25-էն Յուլիս 5-ի միջեւ։

Ծրագրի պատասխանատուները կոչ կ’ընեն հետաքրքրուողներուն, որ մասնակցին այս առաքելութեան։ Անոնք կրնան ըլլալ ծրագրի համակիրներ եւ հովանաւորներ, լրագրողներ, լուսանկարողներ եւ անշուշտ աչքի մասնագէտ բժիշկներ։

Այս տարուան առաքելութեան ընթացքին ծրագրի շարժական դարմանատունը պիտի հաստատուի Վայոց Ձորի մէջ, Յունիս 25-էն սկսեալ, իսկ Յունիս 28-էն սկսեալ՝ Երեւանի մէջ։

Նաեւ Յունիս 27-ին տեղի պիտի ունենայ Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի երկրորդ շրջանային դարմանատան բացումը, Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեաններուն անունով, Լոռիի (Սպիտակ) մէջ։ Առաքելութեան մասնակիցները նաեւ առիթ պիտի ունենան այցելելու Տաւուշի (Իջեւան) մէջ գործող ծրագրի առաջին շրջանային դարմանատունը՝ Հայկ Պոյաճեանի անունով, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 5 Յուլիս 2015-ին։

Առաքելութիւնը պիտի գլխաւորէ ծրագրի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ռաճըր Օհանեան, որ կը յայտնէ, թէ փափաքողները կրնան մասնակցիլ առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն, կամ անոր որոշ մասերուն, մօտէն ծանօթանալով ծրագրի գործունէութեան եւ իրենց կատարած նուիրատուութեանց արդիւնքին։

Մասնակիցներուն շրջապտոյտները պիտի առաջնորդուին ծրագրի զարգացման վարիչ Ռոստոմ Սարգսեանի եւ ծրագրի Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

3

Առաքելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներէն մեկնող բժիշկները ոչ միայն դարմանումներ պիտի իրականացնեն, այլ նաեւ տեղացի բժիշկներ պիտի մարզեն եւ մասնագիտական խորհրդաժողովներու՝ մասնակցին ։

Ցարդ առաքելութեան մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած բժիշկներն են՝ Թամըս Լի, Ռիչըրտ Հիլ եւ Խոտամ Ռոստոմեան, ինչպէս նաեւ բժշկութեան ճիւղի ուսանողներ՝ Արմէն Ղազարեան, Աննա Տէր Զաքարեան, Նայիրի Ռոստամեան եւ Լիլիթ Շահինեան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին