ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի (ՀԵՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Օրակարգային առաջին հարցով քննարկուած եւ հաստատուած է ՀԵՀ 2015-ի գործունէութեան տարեկան հաշուետուութիւնը: ՀԵՀ գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Տէր-Յովակիմեան զեկուցած է, որ հաշուետու տարուան ընթացքին հիմնադրամը իրականացուցած է շուրջ 330 ծրագիր, ներառեալ` ուսման վարձքի փոխհատուցման ծրագիրը, որմէ ընդհանուր առմամբ օգտուած է մօտ 900 ուսանող: Նշուած է, որ ուսման վարձքի փոխհատուցման ծրագրին ծիրէն ներս առաջին անգամ աջակցութիւն ստացած է նաեւ ՀՀ սահմանամերձ համայնքներէն 316 ուսանող: Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրով նիւթական աջակցութիւն տրուած է արտասահմանեան գիտաժողովներուն մասնակցութեան` 56, գիտական հետազօտութիւններու համար նիւթերու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման` 25, գիրքերու տպագրութեան` 5 յայտ: 149 շահառու խրախուսում ստացած է արտասահմանեան ամսագիրներու մէջ հրապարակուած յօդուածներու համար: Նշուած է, որ ծաւալուն աշխատանքներ կատարուած են նաեւ մարմնակրթութեան, առողջապահութեան, հասարակական-տնտեսական եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ:
Հոգաբարձուներու խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է նաեւ ՀԵՀ 2016-ի պիւտճէն եւ 2015-ի նիւթական հաշուետուութիւններուն վերաբերեալ լսողական կազմակերպութեան եզրակացութիւնը: Այլ հարցով մը հաւանութեան արժանացած է «ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ անվճար համակարգով չընդգրկուած ուսանողներուն ոչ մրցութային կարգով կրթաթոշակներու տրամադրման մասին» կարգը: