Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Կը Մասնակցի «Միջազգային Բանակային Խաղեր–2016» Մրցումներու Համաժողովին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրագոյն սպայական խորհուրդի անդամ, «Թանկային պիաթլոն ֆետերացիա»ի հայկական մասնաճիւղի ղեկավար, զօր. Մ. Սարգսեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը կը մասնակցի 15-17 Յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Միջազգային բանակային խաղեր–2016» մրցումներու նախապատրաստման ծրագրաւորման ամփոփիչ համաժողովին եւ կայացման վայրերու քննութեան: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հաղորդուած է նաեւ, որ 16-17 Յունիսին Մոսկուայի մէջ կայացող ՀԱՊԿ-ի տնտեսական գործունէութիւնը կարգաւորող փաստաթուղթերու նախագիծերու քննարկումներուն պիտի մասնակցի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան ներկայացուցիչը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին