Միջազգային Արժոյթի Հիմնադրամի (ՄԱՀ) Տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է, Հայաստանի տնտեսութեան վերաբերեալ իր առաքելութեան երրորդ հաշուետուութիւնը՝ նիւթական օգնութեան ծիրին մէջ, որ թոյլ պիտի տայ երկիրին լրացուցիչ ստանալ 22 միլիոն տոլար: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի յայտնած են հիմնադրամէն:
Հաշուետուութեան համաձայն երկիրը կատարած է տրուած վարկի եւ բարեփոխումներու ընթացքին գծով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Այսպիսով պիտի աւարտի 71,5 միլիոն տոլարով Հայաստանի նիւթական օգնութեան եռամեայ ծրագիրը:
«Հակառակ դժուար արտաքին պայմաններուն, ծրագիրին կատարումը միանգամայն գոհացուցիչ է, նպատակներուն մեծ մասը կատարուած է», տնօրէններուն որոշումը բացատրած է ՄԱՀ-ի փոխտնօրէն Միցուհիրօ Ֆուրուսաւան: