Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին ընդառաջ, ՀՀ ժողովրդային վարպետ, նկարիչ խաչքարագործ Վարազդատ Համաբարձումեան, սկսած է «Կոչեմ ապրողաց» խորագիրով քանդակաշարը, որ պիտի տեղադրուի Մեծ բանաստեղծի ծննդավայրին մէջ` տուն-թանգարան տանող ճամբուն վրայ: Այս մասին կը յայտնեն Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէնութենէն:
Առաջին աշխատանքը «Անլռելի զանգակատուն» պոէմին հիմքով, «Տօ լա՜ճ տնաւեր…» անուանուած կոթողն է, որուն բացումը պիտի կատարուի Յունիս 17-ին: Այս աշխատանքին բացումով ալ պիտի մեկնարկէ «Կոչեմ ապրողաց» նախաձեռնութիւնը: