Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

«Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւնները Պէտք Է Կեդրոնացնել Ոչ Այնքան Տարածքներու Որքան Մարդոց Վրայ». Ճոն Էվանս

Յունիսի վերջը Փեթերզպուրկի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ընթացքին, հաւանաբար պիտի քննարկուի ոչ թէ խաղաղ պայմանագիրը, այլ ներկայ իրավիճակին մէջ խաղաղութեան ապահովման միջոցները: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին պատմած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվանսը:

«Կը կարծեմ Ապրիլ 2-ին եւ յաջորդ օրերուն տեղի ունեցածէն ետք, շատ աւելի դժուար է բանակցիլը: Ես շատ լաւ կը հասկնամ, թէ ինչու հայկական կողմը ցնցուած է տեղի ունեցածէն», ըսած է ան:

Էվանսի խօսքով նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումը այնուամենայնիւ յոյս կը ներշնչէ. «Առաջնորդներէն երկուքն ալ խելացի եւ պատասխանատու մարդիկ են, եւ եթէ անոնք կը հոգան իրենց մարդոց, ուրեմն պէտք է բանակցին եւ փորձեն նուազեցնել յետագայ բռնութիւններու հնարաւորութիւնը»:

Ճոն Էվանսը ընդգծած է, որ Ապրիլեան պատերազմը լուրջ հարուած հասցուց Մինսքի խումբի համանախագահներու դիւանագիտական աշխատանքին, եւ ապագային նման իրավիճակը պէտք է բացառուի:

Պելառուսիոյ եւ Վրաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Քէնեթ Եալովիցի կարծիքով, Ապրիլեան պատերազմը լուրջ վտանգ կը հանդիսանար ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ տարածաշրջանին մէջ համաշխարհային խաղցողներուն համար. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, կրնայ ներքաշել Թուրքիան, Ռուսիան եւ նոյնիսկ Իրանը: Ատիկա կը նշանակէ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւնը փաստօրէն պատերազմի մէջ պիտի յայտնուէր Ռուսիոյ հետ», ընդգծած է Էվանս:

Անոր խօսքով Ուաշինկթընէն բաւական բարդ եղած է պարզել, թէ ո՞վ հրահրած էր Ապրիլեան պատերազմը: «Չեմ սիրեր մեղադրանքներ հնչեցնել, սակայն կարծես թէ տրամաբանական կը թուի, որ ատիկա կը փորձէին ընել ազրպէյճանցիները», ըսած է ան:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ապագային` Ճոն Էվանս ընդգծած է, որ բանակցութիւնները անհրաժեշտ է կեդրոնացնել մարդոց անվտանգութեան ապահովման, այլ ոչ այնքան տարածքներուն վրայ: Այդ մօտեցման պարագային կողմերը կրնան քննարկել ինչպէս Ղարաբաղի բնակչութեան, այդպէս ալ ազրպէյճանցի տեղահանուածներուն ճակատագիրը. «Այսօրուայ աշխարհի մէջ տարածքները այնքան կարեւոր չեն, որքան հասարակութիւնը, օրէնքի գերիշխանութիւնը եւ գործարար լաւ մթնոլորտը», նշած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին