Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Ընդհանրականացած Ցաւ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Անհաւատալի բայց իրաւ: Երէկ գրութիւն մը ստացայ լիբանանահայ վարժարանէ մը շրջանաւարտ օրիորդէ մը, որուն մէջ Յունիսը «Հ»-ով գրած էր…:

Երբ ընդվզած հեռաձայնեցի իրեն այպանելու, որ կարելի՞ բան է նման սխալ մը, երբ ոչ միայն դպրոցին ու դասացուցակին մէջ ամէն օր, այլ ամէն քայլափոխին՝ ինչպէս Հայկական տան օրացոյցին վրայ եւ ամէն տեղ միշտ առիթը ունի կարդացած ըլլալու ՅՈՒՆԻՍ, օրիորդին արդարացուցիչ պատասխանը հետեւեալը եղաւ. «Սեւակ հաւատայ չգրած ստուգեցի Կուկըլի թարգմանիչով (Google translator), թէ June-ին հայերէն ի՞նչ կ՛ըսեն եւ անկէ ուղղակի ընդօրինակեցի»…:

Կը հասկնա՞ս սիրելի ընթերցող, մինչ ես լիբանանահայ վարժարանէ շրջանաւարտ օրիորդի մը Հայերէն ամսուայ անունին ուղղագրութիւնը չիմանալով մտահոգ էի, մէջտեղ ելաւ, որ մեր հայուհին տարուայ վեցերորդ ամսուն Հայերէն անունն ալ չի գիտեր…:

Աւելի քան մտահոգիչ ու ահազանգային չէ՞ այս պարագան: Կրնա՞յ ըլլալ, որ դպրոցներու պատասխանատուներ այպանեն զիս՝ հարցը ընդհանրացուցած ըլլալուս համար… սակայն Հայերէնի աղքատ իմացութեամբ՝ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու երեւոյթը այլեւս ընդհանրական չէ՞…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին