Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Դիմատետրը (Facebook)

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Ընկերային համացանցը ընդհանուր առմամբ շատ բարիքներ ունի: Դիմատետրը առնենք օրինակի համար, ան հեռաւոր մարդիկ կը մօտեցնէ, բարեկամութիւններ կը հիմնէ, նորութիւններ կը փոխանցէ, ինչպէս նաեւ զուարճալի զբաղում է:  Անցած շաբթուայ ընթացքին, Դիմատետրի գործածութեան հետ առընչուած դէպքի մը վկայ եղայ, զոր կ’ուզեմ ձեր հետ կիսել:

Ընտանիքի մը 83 տարեկան հայրը մահացաւ: Համեստ խաւի մարդիկ ըլլալով, անոր պարագաները կարողութիւն չունէին թաղումի ծախսերը հոգալու: Դրացիներ, որոնք իրենց կարգին դարձեալ համեստ խաւի կը պատկանէին, քով-քովի գալով հաւաքեցին գումար մը, որով վախճանեալի պարագաները կարենային պատշաճը կատարել: Կարգադրութեան իրարանցումի մէջ, չեմ գիտեր ինչպէս, մահազդի թուղթեր տպելու մոռցած էին: Մահազդի թուղթ ըսելով, նկատի ունիմ գոյժը յայտարարելու կամ սփռելու բոլոր միջոցները: Վախճանեալին կրտսեր դուստրը նկատելով, որ հարկ է մահուան գոյժը ազգականներու եւ բարեկամներու փոխանցել, կ’որոշէ իր Դիմատետրի էջին վրայ հօր նկարը զետեղել եւ տակն ալ գոյժը տեղաւորել: Թաղման արարողութենէն առաջ, անոնք կը հաւաքուին եկեղեցւոյ սրահը՝ ցաւակցութիւններ ընդունելու համար: Անշուշտ անմիջական ընտանիքին կողքին կային նաեւ այն դրացիները, որոնք իրենց հարազատ բարեկամներ ըլլալը գործնականօրէն արտայայտած էին: Այրի կինը, ապահովութեան ընկերութեան մէջ աշխատող զաւակը եւ նորոգութիւններ կատարող դերձակ դուստրը, ինչպէս նաեւ դրացիները նստած կը սպասեն ցաւակցութեան եկողներուն: Ոչ ոք կը յայտնուի: Դուստրը քանի մը հեռաձայնային կապերով ասդին-անդին լուր կու տայ եւ կը խնդրէ, որ ուրիշներու ալ տեղեկացնեն: Դարձեալ՝ ոչ ոք: «Հաւանաբար ուղղակի եկեղեցի պիտի գան»,- կը մտածէ որդին ինքնիրեն: Ժամը կը հասնի եւ ներկաները կ’ուղղուին եկեղեցի: Մահուան պատճառած ցաւը կը կրկնապատկուի, ազգականներու եւ բարեկամներու ցուցաբերած անտարբերութեամբ. անոնցմէ ոչ ոք կը ներկայանայ եկեղեցի: Կ’երթան գերեզմանատուն եւ հողին կը յանձնեն ծերունիին դիակը ու կրկին կը վերադառնան եկեղեցւոյ սրահ, որ իրենց ձրիօրէն տրամադրուած էր: Հանգուցեալի որդին քրոջը մօտենալով բարկացած կ’ըսէ. « Ամօթ չէ՞, մէկ հոգի իսկ չեկաւ: Կարծես համաձայնած են իրար հետ»: «Բայց նայէ եղբայր, բոլորն ալ Դիմատետրի էջիս վրայ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» գրած են», -կ’ըսէ քոյրը: «Ուրեմն Դիմատետրի երեւութական բարեկամութիւնը փոխարինած է մարդկային իսկական յարաբերութիւններուն», – կ’ըսէ եղբայրը եւ նշան կ’ընէ ներկաներուն, որ սրահը աւելի չզբաղեցնեն ու տուն երթան:

Էքսբրէս (express) մարդկութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին