Արցախը կ’ակնկալէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման յատուկ գործողութիւններ: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու յառաջիկային սպասուող հանդիպման:
Ան նշած է, որ սահմանային հատուածին մէջ Վիեննայի հանդիպումէն յետոյ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուին, զինադադարի խախտումը շատ աւելի քիչ է՝ քան եղած է 2 կամ 4 տարիներ առաջ:
Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով Ազրպէյճանը անկանխատեսելի պետութիւն է եւ կասկած կայ, որ ան ամէն ինչ պիտի ընէ գործընթացքը խանգարելու եւ երկարաձգելու համար` յառաջացնելով տարբեր խոչընդոտներ: Հետեւաբար ըստ անոր պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանիլ, հնարաւորին չափ շուտ այդ մեքենականութիւնները ներդնելու համար: Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այս հանդիպումները ուղղուած են աւելի շատ խաղաղութեան պահպանման, քառօրեայ պատերազմէն յետոյ ներկայ փուլին մէջ այլ հարցերու՝ մասնաւորաբար քաղաքականի քննարկում դժուար թէ ըլլայ: Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ առանց հետաքննական մեքենականութիւններու ներդրման, առանց այդ սկզբնական օղակին, անհնար պիտի ըլլայ առաջ անցնիլ:
Անդրադառնալով պատերազմէն յետոյ Արցախի վերականգնման գործընթացքին` Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ անիկա ընթացքի մէջ է:
Յունիս 20-ին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հայաստանի ուԱզրպէյճանի նախագահներուն նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ: Անիկա Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք նախագահներուն առաջին հանդիպումն էր: