Յուլիս 10-17 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 13-րդ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ այս տարի պիտի նուիրուի ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին:
«Ոսկէ Ծիրան»-ի շրջանակին մէջ պէտք է ամփոփենք լաւագոյն հայկական ֆիլմերը, փաթեթներ կազմենք եւ ուղարկենք տարբեր երկիրներ` անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած տարաբնոյթ շարժանկարային ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար: Տարբեր երկիրներ պատրաստ են ընդունելու այդ ֆիլմերը, այնպէս որ առարկայական ընտրութիւն պիտի կայացնենք: Շատ կը ցանկայի, որ փառատօնը այդ գծով կարենայ իրականացնել իր առաքելութիւնը», ըստ «Մետիամաքս»-ի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:
Այս տարի շարժանկարի փառատօնը ստացած է մասնակցութեան աւելի քան 900 յայտ 91 երկիրներէ: Մրցութային եւ արտամրցութային ծրագիրներուն մէջ ընգրկուած են 135 ֆիլմեր:
Փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեանի փոխանցմամբ` փառատօնի պաշտօնական ազդագիրի հեղինակը կրկին Գարիկ Մարտիրոսեանն է:
«Մտավախութիւն ունէինք 13 թիւի հետ կապուած, քանի որ շատեր սնահաւատօրէն կը մօտենան անոր: Նոյնիսկ կը մտածէինք փառատօնը այս տարի 12,5 անուանել: Սակայն Գարիկը հետաքրքրական լուծում առաջարկեց` 13 թիւը պարզապէս չենք շեշտադրեր», ըսած է Սուսաննա Յարութիւնեան:
«Ոսկէ Ծիրան»-ի այցեքարտը դարձած «Երեւանեան Պրեմիերաներ» ծրագիրի ծիրէն ներս, այս տարի պիտի կայանան նաեւ հայկական ֆիլմերու անդրանիկ ցուցադրութիւններ:
Անդրադառնալով յայտնի հիւրերու մասնակցութեան` փառատօնի գլխաւոր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան նշած է, որ անոնց անունները պիտի հրապարակուին փառատօնի նախորդող շաբաթուայ ընթացքին:
«Յայտնի հիւրեր ունինք, պիտի գան ֆրանսական, դանիական եւ գերմանական շարժանկարի բեմադրիչներ: Յայտնի դերասաններու գալու աւանդոյթը այդքան ալ չեմ սիրեր, բայց գիտեմ` դուք շատ կը սիրէք, անոր համար ալ կը փորձենք բան մը ընել: Աւելի ետք կը խօսինք այդ մասին», ըսած է Յարութիւն Խաչատրեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ այս տարի Շարլ Ազնաւորի անուան հրապարակին վրայ գտնուող «Աստղերու Պուրակ»-ին մէջ պիտի տեղադրուին Էտմոնտ Քէոսայեանի, Տմիթրի Կէսայեանցի եւ Ալպերթ Եաւուրեանի աստղերը:
Փառատօնի ծիրէն ներս այս տարի տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայկական կինօ. արդի ժամանակներ» ծրագիրը, ուր պիտի ներկայացուին Հայաստանի անկախութեան տարիներուն նկարահանուած խաղարկային ու վաւերագրական 17 ֆիլմեր:
Փառատօնը պիտի անդրադառնայ նաեւ Ուիլիըմ Շեյքսփիրի մահուան 400-րդ տարելիցին` ցուցադրելով գրողին ստեղծագործութիւններու հիման վրայ նկարահանուած լաւագոյն ֆիլմերը:
Այս տարի պիտի իականանան նաեւ «Ֆրանսիական նոր կինօ», «Դանիական նոր կինօ» եւ «Պասկական նոր կինօ» ծրագիրները: