Շաբաթ, 11 Յունիս 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 60 ծաղիկներ, տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը դպրոցական շրջան:
Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ ընդհանուր այն կրթական ծրագիրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման՝ լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան առումներով:
Ծաղիկներու թովիչ ձայնով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներու կատարումէն ետք, բացման խօսքեր արտասանեցին չորս փոքրիկ շրջանաւարտներ: Յաջորդած գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ յագեցած գոյներով, բազմալեզու ձայներով եւ ֆիզիքական վարժանքներով: Ծաղիկները պարեցին, ասմունքեցին ու երգեցին երեք լեզուներով եւ ներկայացուցին իրենց ֆիզիքական զարգացումը արտայայտող ռիթմիկ շարժումներու պատկերներ: Գեղարուեստական մասին հիմնական նիւթը հայ հին ու նոր արուեստի հանճարներն էին, որոնց ստեղծագործութիւններուն կատարումները շեշտեցին՝ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ ներկայութիւնը հայաբոյր մթնոլորտի, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Ղարաբաղցին երգի երաժշտական եւ պարային կատարումով՝ բոլոր շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ:
Մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա Պէօճէքեան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս բացառիկ օրուան առիթով, բոլորս մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք ձեզ ու ձեր թանկագին ծնողքը, կը մաղթենք, որ բարձրանաք մինչեւ երկրորդականի կարգերը եւ այս նոյն բեմին վրայ արժանանաք Մեսրոպեան բարձրագոյն վկայականին, որպէս լաւագոյն նուէր՝ փոխադարձելով ձեր բոլոր ուսուցիչներուն եւ վարժարանի տնօրէնութեան կատարած ջանքերուն համար»:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները, Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր ու նուիրուած աշխատանքը: Կ. Գալուստ ըսաւ, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել՝ աւելի բարձրացնելու վարժարանի ընդհանուր մակարդակը՝ դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ դպրոցական կրթութեան հիմնաքարը` մանկապարտէզը:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի