Ուրբաթ, 10 Յունիս 2016-ին, Լոս Անճելըսի Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ՝ հայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Գերմանիոյ հիւպատոսութեան պաշտօնատարներու միջեւ, Պունտեսթակին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին առիթով։
Հայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն էին՝ Գաբրիէլ Մոլոյեան (Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն), Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն), Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճեքեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ), Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան (ԱՄՆ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ), Վեր. Պերճ Ճամպազեան (Հայ Աւետարանական եկեղեցի), Թալին Եագուպեան (ՀԲԸՄ) եւ Մարօ Փափազեան (ՀՕՄ)։
Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնակատար Սթեֆան Պէյտերմանի կողքին, հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Քայ Ուվէ Սփայշըր եւ Փիթեր Շմիթ։
Հայկական պատուիրակութիւնը կարեւորեց այն իրողութիւնը, որ փաստօրէն Յունիս 2-ի Պունտեսթակի պատմական որոշումով, Գերմանիա ոչ միայն պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ՛ընդունի իր մեղսակցութիւնը անոր մէջ, կոչ ընելով վնասուց հատուցում կատարելու, ներառեալ հայութեան բռնագրաւուած ստացուածքներն ու եկեղեցիներու վերադարձը։
Կողմերը քննեցին նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքի անցեալ տարուան ելոյթը, ուր ան դիմած էր Գերմանիոյ իշխանութեանց եւ Թուրքիոյ, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչները նշած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը Գերմանիոյ կողմէ՝ որպէս պատմական իրողութիւն, մասնաւորաբար դուռ բանալով հայ եւ թուրք երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս համաշխարհային արդարութեան հաստատման։