Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Յունիս 24-ին Ֆրանչիսկոս Պապի Բարիգալստեան Արարողութիւնը Ս. Էջմիածինի Մէջ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը հրաւիրէ իր զաւակները ս/թ Յունիս 24-ին, ժամը 15.35-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` մասնակցելու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Բարիգալստեան` Հրաշափառի արարողութեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ մուտքը ազատ է:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցը պիտի սկսի Յունիս 24-ին: Այցելութեան ծիրէն ներս՝ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարիգալստեան` «Հրաշափառի» արարողութիւնը:

Նոյն օրը երեկոյեան՝ Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա ՀՀ իշխանութիւններու, հասարակութեան եւ դիւանագիտական բաժանմունքի ներկայացուցիչներու հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիպումով:

Յունիս 25-ի առաւօտեան՝ Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը, այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Գիւմրիի մէջ Հռոմի Պապը նաեւ պիտի այցելէ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսաստան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ Եօթ Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Մայր Տաճար: Նոյն օրը երեկոյեան Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ էքիւմենիք արարողութիւն եւ Խաղաղութեան Աղօթք:

Յունիս 26-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի  մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան եւ էքիւմենիք ճաշկերոյթի` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, Հայ Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակներու եւ բարերարներու հետ:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի ստորագրեն Համատեղ յայտարարութիւն: Հովուապետերը նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ:

Նոյն օրը Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին