Գիւմրին արդէն կը պատրաստուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան. անիկա պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ պիտի ըլլայ բաւական յագեցած օրակարգով։ Այս մասին հաղորդած է «Վատիկանի Ռատիօ»ն, որուն աշխատակիցները արդէն այցելած են Գիւմրի: Անոնք այցելած են Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսանոց, ուր «Վատիկանի Ռատիօ»ի աշխատակիցները յայտնած են, որ Պապին համար յատուկ երգեր կը պատրաստուին: «Ատիկա մեծ երջանկութիւն է մեզի համար», ըսած են քոյրերը:
Նշենք, որ Հռոմի սրբազան քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ աւարտի 26 Յունիսին։