*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկուայ միջազգային ապահովական լուրերը վերնագրուեցան Ֆրանսայի մէջ պատահած ահաբեկչական ոճիրով, որուն զոհ գացին ֆրանսացի ոստիկանական պատասխանատու մը եւ իր կողակիցը:
Ոճրագործը, որ կրօնքի անունով գործեց իր քստմնելի ոճիրը, սպաննուեցաւ դէպքին վայրը գրոհած ֆրանսական ապահովական ուժերուն կողմէ:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ոճրագործին անցեալը լեցուն է կրօնամոլական գործունէութեամբ, որու համար ալ ան բանտարկուած է ու միայն վերջերս ազատ արձակուած…։
Նուազագոյնը գոհանալով, թէ նման ահաբեկչութիւն մը աւելի մեծ թիւով զոհեր չխլեց եւ յուսալով, որ ան նմանօրինակ դէպքերուն վերջինը ըլլայ, կը մնայ կարեւոր հարցում մը, որ կը կարօտի պատասխանի։
Սիրելի ընթերցող, դուն ուշադրութիւն ըրա՞ծ ես, որ Եւրոպայի թէ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ, ապահովական դէպքի մը պատասխանատու գրեթէ բոլոր ահաբեկիչները՝ որոնց անունները բացայայտուած են, ունին քրէական թղթածրար եւ գոնէ անգամի մը համար ձերբակալուած են անցեալին՝ նմանօրինակ մեղադրանքներով: Հիմնուելով վերոյիշեալ իրողութեան վրայ, արդեօք չարժե՞ր հարց տալ, թէ նմանօրինակ վտանգաւոր մարդիկ ինչո՞ւ կը ձերբակալուին եւ ինչո՞ւ ազատ կ՛արձակուին կամ ինչո՞ւ յետ ազատ արձակման իրենց կենցաղը լուրջ հսկողութեան տակ չ՛ըլլար…:
Եթէ այդպիսի մարդիկ ազատ արձակուած են ու ազատ կը գործեն այն աստիճան, որ կը յաջողին դարձեալ ահաբեկել խաղաղ քաղաքացիներ, ապա իրենց ազատ արձակողներն ալ նոյնքան պատասխանատու չե՞ն եղածին:
Տրամաբանութիւնը ի՞նչ կ՛ըսէ սիրելի ընթերցող…։ Ես կ՛ըսեմ, որ ապահովական մարմինները ոչ միայն պատասխանատու են եղածներուն, այլ նաեւ ինչու չէ՝ մեղսակից ալ են…: