Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

National Geographic Պարբերականը Հայաստանը Ներառած է Աւելի Մեծ Թիւով Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Արժանի Երկիրներու Ցանկին Մէջ

Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող 10 երկիրներու, որոնք արժանի են աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։

Այդ երկիրներու շարքին ներառուած է նաեւ Հայաստանը, որուն վերաբերեալ լրագրող Թարա Իզապելա Պըրթըն կը գրէ.

«Թէեւ Հայաստանը շատերու մօտ միտքով կը զուգորդուի հակամարտութեան հետ, այնուհանդերձ այս երկիրը այժմ խաղաղ ու ապահով վայր է` զարգացող զբօսաշրջային ենթակառուցուածքով: Այստեղ մասնաւորաբար զարգացած է գիւղական զբօսաշրջիկութիւնը, որ միտում ունի գրաւելու` շատերուն համար երկիրի անյայտ բնական ու ճարտարապետական գեղեցկութիւնները փնտռող արկածասէրները:

Քիչերը գիտեն, որ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած աշխարհի առաջին երկիրն է: Անոր հնագոյն եկեղեցիները, որոնք բազմած են զմրուխտեայ կանաչի մէջ, թաղուած կիրճերու եւ լեռնալանջերու վրայ, աշխարհի ամենալաւ պահպանուած նմուշներէն են: Գեղարդի ժայռափոր վանքին քարէ առիւծներն ու Սանահինի նրբակերտ խաչքարերը կանգնած են իբրեւ աշխարհի ամենահին, սակայն աշխարհին քիչ յայտնի քաղաքակրթութիւններէն մէկուն ստեղծագործ ուժի լուռ վկաներ»:

Պըրթըն ընթերցողներուն նաեւ խորհուրդ կու տայ Հայաստան այցելելու պարագային, անպայման երթալ Սիւնիքի մարզ ու զմայլիլ այնտեղի հրաշալի բնութեամբ, առատ կանաչութեամբ, հնագոյն քարանձաւներով եւ ի հարկէ Տաթեւի վանքով:

Նշենք, որ Հայաստանէն բացի` աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան արժանի երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են Նիքարակուան, Իրանը, Նեփալը, Քոսովոն, Ուզպեքիստանը, Ալպանիան, Վրաստանը, Թունուզը եւ Արեւելեան Թիմորը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին