Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Քաղաքացիները ՄԱԿ-էն Կը Խնդրեն Հետաքննութիւն Սկսիլ Ապրիլ 2-ի Հրադադարը Խախտողը Բացայայտելու Համար

Խումբ մը քաղաքացիներ ցոյց կատարած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակին առջեւ:

Ըստ Tert.am-ի՝ Ազատութեան հրապարակէն քաղաքացիները քաղաքագէտ, «Նոր Հայաստան» միաւորման անդամ Անդրիաս Ղուկասեանի գլխաւորութեամբ քալած են դէպի ՄԱԿ-ի գրասենեակ, որպէսզի նամակ յանձնեն ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին:

Անդրիաս Ղուկասեան նշած է, թէ ցոյցին նպատակն է հետապնդել, որ միջազգային հետաքննութիւն սկսի ու ի վերջոյ հասկնալի դառնայ, թէ Ապրիլեան պատերազմը նախաձեռնողը եղած է Ազրպէյճանը: Անոր խօսքով միջազգային հանրութեան համար պարզ չէ, թէ ո՞վ եղած է նախայարձակը, իսկ իրենց կողմէ իրականացած փաստահաւաք առաքելութիւնը հաւաքած է տուեալներ, ըստ որոնց նախայարձակը եղած է հակամարտութեան ազրպէյճանական կողմը:

Նամակին մէջ նշուած է.

Ձերդ գերազանցութիւն, յարգարժան Գլխաւոր քարտուղար,

Դուք անշուշտ տեղեակ էք, որ ս․թ․ Ապրիլ 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած է ռազմական բախում, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած եւ վիրաւորուած են քանի մը հարիւր զինուորներ, եղած են զոհեր նաեւ խաղաղ բնակչութեան մէջ, հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են ժամանակաւորաբար լքել իրենց տուները, շատերն ալ առ այսօր չեն կրնար ետ դառնալ իրենց բնականոն կեանքին, քանի որ հակամարտող կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած է սահմանագիծի էական խախտում:

Ազրպէյճանական Հանրապետութիւնը ս․թ․ Ապրիլ 14-ին Ապահովութեան Խորհուրդ ներկայացուցած է նամակ (A/70/830–S/2016/346 ) մը, ուր մեղադրած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ մարտական գործողութիւնները սկսելու համար:

Կը ներկայացնենք Ձեզ 2016-ի Ապրիլ 2-ին, ժամը 04-ի սահմաններուն Լեռնային Ղարաբաղի Թալիշ գիւղի մատոյցներուն վրայ ազրպէյճանական զինուորականներու` հայկական պաշտպանական դիրքերու թիկունք ներթափանցելու փաստը հաստատող տեսագրութիւնը: Յատուկ Ձեր ուշադրութիւնը կ՛ուզենք դարձնել այն փաստի վրայ, որ տեսագրութիւնը կատարած հայ զինուորներէն շատերը զոհուեցան այդ անհաւասար մարտին:

Մայիս 26-ին Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը թոյլ չտուաւ քաղաքացիական դիտորդներուն եւ լրագրողներուն այցելել այդ շրջանը` տեսագրութեան վայրը ճշդելու նպատակով:

Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազպէյճանի մէջ ազնիւ մարդիկ մտահոգուած են, որ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը կ՛ուղղորդուի ապատեղեկութիւններու վրայ յենած պաշտօնական քարոզարշաւներով: Մեզի համար անհասկնալի է, թէ ինչպէս կարելի է տարածաշրջանին մէջ հաստատել կայուն խաղաղութիւն` միջազգային իրաւունքը խարխլող գործողութիւններու միջոցով:

Մոլորակի վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար, ՄԱԿ-ը կը հանդիսանայ խաղաղութիւն պահպանելու հարցով բարձրագոյն մարմինը եւ վերջին հանգրուանը:

Կը խնդրենք Ձեզ նախաձեռնել միջազգային հետաքննութիւն` Ապրիլ 2-ին տեղի ունեցած հրադադարի խախտման համար պատասխանատու կողմը բացայայտելու նպատակով: Կը կարծենք, որ այդ ճշմարտութեան բացայայտումը մեր բոլորին պարտաւորութիւնն է՝ այդ մարտերու ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն առջեւ եւ անհրաժեշտ քայլ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին