Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ռակ-Ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ատենապետի Մակարդակով Պիտի Մասնակցի Հռոմի Պապի Հայաստան Այցելութեան Արարողութեանց

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցնող շաբաթավերջին իր հերթական երկրորդ ժողովը գումարեց՝ այս անգամ հեռակայ կապով:

Ժողովականները քննարկեցին կուսակցութիւնս, Հայ ժողովուրդն ու Հայրենիքը յուզող հարցեր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ:

Ժողովը բարձր գնահատեց Գերմանիոյ Պունտըսթակի Հայանպաստ վերջին կեցուածքը, որ դրսեւորուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անոր ճանաչմամբ, որուն մասին օրին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Դիւանը շնորհակալագիր յղած էր անոր նախագահին:

Օրակարգերէ բխած հարցերու առնչուող որոշումներէն հանդիսացաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումը՝ Ատենապետի մակարդակով մասնակցելու Հռոմի Պապի դէպի առաջին Քրիստոնեայ երկիր՝ Հայաստան Ուխտագնացութեան արարողութեանց, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 – 26 Յունիս 2016-ին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեան իր Հայաստան կեցութեան ընթացքին, նախապէս ճշդուած ժամադրութիւններով հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայրենի աւագանիին հետ: Ընկեր Նահապետեանին այցելութիւններուն պիտի ընկերակցին Հայրենիքի մէջ կայք հաստատած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ:

Նշենք, որ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը իր անդրանիկ ժողովը գումարած էր Հայրենիքի մէջ, իր ընտրութեան յաջորդող օրուան յետմիջօրէին՝ Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին