Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Թմրեցուցիչի Խոտի Թուփով Մայրուղի Եւ Պայթումով Սկսող Լիբանանեան Շաբաթ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանի մեր ապրած տխուր առօրեային մէջ, երբեմն կը պատահին ծիծաղելի դէպքեր, որ մարդուս տրամադրութիւնը կը բարձրացնեն՝ հակառակ տիրող մռայլ կացութեան…:

Վերջերս նման բան մը պատահեցաւ հետս՝ երբ կ՛անցնէի Տորայի մայրուղիէն: Ուշադրութիւնս գրաւեց մայրուղին երկուքի կիսող հողաշերտին մէջ աճած թմրեցուցիչ խոտի (weed) թուփը…: Ուրկէ՞ ուր ան հոն հասած էր:

Շատ հաւանաբար այնտեղ օգտագործուած հողը եկած է Լիբանանի շրջանէ մը, որ ծանօթ է թմրեցուցիչի իր ցանքով, որ կրնայ պատճառ հանդիսացած ըլլալ հողին մէջ եղած հունտի մը, հողին տեղափոխութենէն ետք աճելուն իր նոր միջավայրին մէջ…: Կարելի է նաեւ կատակով վերլուծել, թէ ան հոն տնկուած է՝ մեղմացնելու եւ թմրեցնելու շրջանի խճողումէն իրենց ջիղերը օդը ելած վարորդները…:

 

ՅԳ. Դէպքէն քանի մը օրեր ետք դարձեալ երեւի զուգադիպութեամբ մը, այդ թուփը այլեւս նոյն տեղը չտեսայ: Երեւի քաղաքապետութեան մաքրութեան պատասխանատու տարրերը, հողի խոտազրկումի իրենց աշխատանքին մէջ պոկած էին նշեալ թուփը:

Այսօրուայ թեթեւ այս նիւթով ուզեցի, որ օրդ ժպիտով սկսիս սիրելի ընթերցող, որովհետեւ Լիբանանի մէջ պայթումով սկսած շաբաթ մը՝ Աստուած գիտէ ինչո՞վ կրնայ վերջանալ…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին