Եւրոպական խորհրդարանը վրդոված է Թուրքիոյ ընդդիմադիր երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու թրքական իշխանութիւններու որոշումէն: Բայց եւ այնպէս կառոյցի անդամներէն միայն ոմանք կոչ կ՛ուղղեն կարծր կերպով Թուրքիոյ արձագանգելու եւ դադրեցնելու անոր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:
Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան` խօսելով Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը «լրջօրէն մտահոգուած» է՝ Թուրքիոյ ընդդիմադիր երեսփոխաններէն 138-ը անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումին առնչութեամբ:
«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, թէ այն փաստը, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Հան, եւ ոչ թէ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը կամ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրանս Թիմերմանս, որ ներկայիս կը վարէ Անգարայի հետ բանակցութիւնները, ցոյց կու տայ, որ Պրիւքսէլ պիտի անտեսէ այս խնդրայարոյց նիւթը: Վերջ ի վերջոյ անիկա տակաւին պէտք է փորձէ փրկել գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնագիրէն այն, ինչ որ մնացած է: