Յունիս 13-ին` ժամը 10:30-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 2016 թուականի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր: (Հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ)
Նշենք, որ ծրագիրի առաջին փուլին պիտի մասցնակցին 63 պատանիներ ու աղջիկներ, որոնցմէ 41-ը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր, միւս 22 մասնակիցները Ռուսիայէն, Պելառուսէն, Թուրքմէնսիտանէն եւ ԱՄՆ-էն են: