Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Հայաստան Արցախ» Հիմնադրամը 5 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական Օգնութիւն Հաւաքագրած Է

«Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը Ապրիլ-Մայիսին 5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հաւաքագրած է:

Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու նպատակով հիմնադրամը հաւաքագրած է 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ, իսկ 1 միլիոն տոլարի չափով արժէքաւոր իրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամէն:

Հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան տեղեկացուցած է, որ Ապրիլին եւ Մայիսին «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի տեղ հասցուցած օժանդակութիւնը կը ներառէ անհրաժեշտ դեղորայք` քաղցկեղի, սրտի, աղիքային եւ մտաւոր հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` պատերազմի պատճառով ստացուած վէրքերու բուժման համար:

2015 թուականէն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 14,1 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն հաւաքագրած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան համար: «Հիմնադրամին կանոնաւոր կերպով կ՛առաջարկուին միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու համար: Կը քաջալերենք հայ անհատներն ու կազմակերպութիւնները իրրենց առատաձեռնութեան համար, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը` անյետաձգելի նպաստ տրամադրելով Հայաստանի ու Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն», ըսած է Յարութ Սասունեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին