Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Պելճիքայի Մեխելեն Քաղաքին Մէջ Հանդիպած Է Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 10-ին այցելած է Պելճիքայի Մեխելեն քաղաք:

Ըստ «Հայերն Այսօր»-ի այս մասին կը հաղորդեն ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Նախագահը հանդիպած է քաղաքապետ Պարթ Զոմերսի, փոխքաղաքապետ Մարք Հենտրիքսի եւ շարք մը պաշտօնեաներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Մեխելենի եւ Արցախի փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ արցախեան եւ տարբեր երկիրներու քաղաքներու եւ շրջաններու միջեւ կապերու հաստատումն ու զարգացումը կը հանդիսանայ երկկողմ համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը, յատկապէս տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ:

Նախագահի պատուին Մեխելենի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն կը մասնակցէին նաեւ  շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նոյն օրը Նախագահը այցելած է Մեխելեն քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձան եւ ծաղկեպսակ տեղադրած այնտեղ:

Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է նման յուշարձաններու առկայութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ` նշելով անոնց դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնելու տեսանկիւններէն:


spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին