Վերջին օրերուն Արցախի շարք մը բնակավայրեր յայտնուած են ուժեղ անձրեւներու եւ կարկուտի հարուածին տակ: Վնասներուն չափերը կը ճշդեն ոչ միայն գիւղատնտեսութեան, այլ նաեւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտները: Ցաւօք ուժեղ հեղեղներէն պաշտպանութեան բանակին մէջ մարդկային կորուստ եղած է:
Ըստ «Ռատիոլուր»-ի Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի համայնքի ղեկավարն ու գիւղացիները, այս օրերուն շատերուն նման կը փորձեն որոշել իրենց յետագայ ընելիքը: Խնձորի չափով կարկուտը վնասած է ոչ միայն գիւղատնտեսական հողահանդակները, այլ նաեւ փշրուած են բանկարաններու ապակիներ, տուժած է դպրոցին շէնքը:
Առաջամուղ այցելած են քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտներ, վնասները ճշդելու եւ գոյքագրելու համար: Նախարարութեան մասնագէտներուն խօսքով` վերականգնողական աշխատանքները պիտի մեկնարկեն անյապաղ, սակայն իրականութեան մէջ այդ մէկը կապուած է եղանակային պայմաններուն:
Առաջամուղցիներուն նման վերջին օրերու ընթացքին բերքի կորուստ ունեցած են տասնեակ այլ բնակավայրերու գիւղացիներ:
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը բաւական ընելիք ունի ուժեղ անձրեւներու եւ կարկուտի վնասի չափերը յստակացնելու համար: Արդէն իսկ պարզ է, որ աշնանացանի բերքը` յատկապէս գարիի, շարք մը տարածքներու մէջ պիտի չհնձուի: Գարնանացանի պարագային նախարարութեան մասնագէտները խորհուրդ կու տան կրկին մշակութիւն կատարել: