Նորութիւններու ակնառու լուսաբանման` «Կարճ վաւերագրական նիւթ/ֆիլմ» անուանակարգին մէջ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիայի` «Նոր Անգլիա «Էմմի» մրցանակը (New England Emmy Awards – Outstanding News Report – Serious Feature) վերջերս շնորհուած է 25-ամեայ Անոյշ Էլպաքեանին: Անոյշը նախապէս ստացած է երկու այլ հեղինակաւոր մրցանակներ եւս: Այս մասին կը հաղորդէ Aravot.am-ը։
Ան մասնակցած էր «Պոսթըն Կլոպ»ի Պոսթընի մարաթօնի ահաբեկչութիւններու եւ հետեւանքներու լուսաբանման, որուն համար խումբին հետ միասին արժանացած է Փուլիթցըրի մրցանակի, ինչպէս նաեւ ստացած է ԱՄՆ-ի` Առցանց նորութիւններու ընկերակցութեան (Online News Association)` առցանց լրագրութեան մրցանակը (Online Journalism Award)` հրատապ նորութիւններու լուսաբանման համար: Անոյշը 10 տարեկան էր, երբ Հայաստանէն մեկնած է, ուսանած է ԱՄՆ-ի Սաֆոլք համալսարանին մէջ ( Suffolk University) :