Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Վառնայի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Փոքրիկներու Օրհնութեան Կարգ

Յունիս 5-ին Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով՝ Վառնայի Սբ. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ Տ. Բարթուղիմէոս քահանայ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ, հաւաքուած էին մեծ թիւով փոքրիկներ: Այս մասին կը հաղորդեն Պուլկարիոյ հայոց թեմէն:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին` արժանապատիւ Տէր Հայրը փոխանցելով բարեմաղթանքներ, կատարեց երախաներու օրհնութեան կարգ: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, որ ուղեկցուեցաւ տարատեսակ խաղերով, հայկական երգ ու պարով, ինչպէս նաեւ հիւրասիրութեամբ ու նուէրներու բաշխումով, որ ապահոված էին Վառնայի եկեղեցական վարչութեան ատենապետ Մասիս Պաղտատեանն ու խաչքաւոր Գէորգ Գրիգորեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին