Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կարծիքով` Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն սոսկալի ապտակ էր Էրտողանին, այլեւ կրկնակի հարուած էր Ազրպէյճանին:
«Ազրպէյճանի պարագային շատ կարեւոր է հոգեբանական գործօնը. Երկիր մը, որ կը փորձէ Հայաստանին մեղադրել գրաւման, տարբեր շինծու ցեղասպանութիւններ իրագործելու մէջ, եւ յանկարծ աշխարհի խոշորագոյն երկրներէն մէկը պաշտօնապէս ոչ միայն կը ճանչնայ, այլ նաեւ իր մեղսակցութիւնը կ՛ընդունի 100 տարիներ առաջ հայերու դէմ իրականացած Ցեղասպանութեան մէջ: Յատկապէս ապրիլեան իրադարձութիւններէն յետոյ, երբ Ազրպէյճանը փորձեց առաւելութիւն ստանալ ռազմի դաշտի մէջ եւ տապալեցաւ, այս մէկը կը կարծեմ, որ կրկնակի հարուած էր Ազրպէյճանին», «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեան «Ուրուագիծ» հաղորդման տաղաւարին մէջ նշած է Դեմոյեան:
Անդրադառնալով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի` Էրտողանին ուղղուած նամակին Դեմոյեան չարդարացնելով այդ քայլը կարծիք յայտնած է, որ Աթեշեան այդ յայտարարութեամբ փորձած է հաւատարմութիւն յայտնել թրքական իշխանութիւններուն` հաշուի առնելով, որ Պոլսոյ հայ համայնքը կ՛ապրի անապահովութեան երաշխիքներու լիակատար բացակայութեան պայմաններու մէջ: