Վանի Առաջին Ինքնապաշտպանութեան 120-ամեակին առիթով, աւելի գոտեպնդող ու օգտաշատ ձեռնարկի մը մասին կարելի չէր մտածել՝ քան հանդիպում մը կազմակերպել անոր մասնակից ազատամարտիկի մը թոռան հետ, այդ օրերուն կռուած հերոսի մը շարաւիղէն լսելու իր մեծ հօր յուշերը:
Արդարեւ երէկ Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2016-ի երեկոյեան Թէքէեան կեդրոնի առաջին յարկը ժամադրավայրն էր ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ընտանիքին մաս կազմող ընկերուհիներու, ընկերներու եւ բարեկամներու, որոնք եկած էին հանդիպելու եւ լսելու Ֆրէզնոյի Պետական համալսարանի դասախօս ու նոյն Համալսարանին Հայագիտական Բաժինի տնօրէն Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին, որ ներկաներուն պիտի պատմէր իր ազատամարտիկ մեծ հօր՝ Անուշաւան Տէր Մկրտիչեանի յուշերէն:
«Զարթօնք»ի անունով ընկեր Սեւակ Յակոբեան ողջունեց հիւր դասխօսն ու ներկաները, ապա Դոկտ. Տէր Մկրտիչեանին մասին ծանօթացնելով ներկաները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Արմենական Կուսակցութեան կազմաւորումը, Վանի Ինքնապաշտպանութիւնն ու ազատամարտիկներուն նահատակութիւնը, որմէ մազապուրծ փրկուած է Անուշաւան Տէր Մկրտիչեան:
Բարթողիմէոս Վանքի մօտ կատարուած կոտորածներէն փրկուած՝ Արմենական ազատամարտիկ Անուշաւան Տէր Մկրտիչեանի կեանքէն ու գործէն դրուագներ պատմելու համար, բեմը յանձնուեցաւ մեծանուն մեծ հօր մեծանուն թոռան՝ Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին:
Դոկտ. Տէր Մկրտիչեան ներկաներուն հետաքրքրական դէպքեր պատմեց իր մեծ հօր յուշերէն ու կեանքէն, որուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկաները՝ աւարտին իրենց հարցումները ուղղելով հիւր բանախօսին, որոնց ինք բաւարարեց իր պատասխաններով:
Այս մտերմիկ հանդիպման աւարտին ընկեր Յակոբեան հրաւիրեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանն ու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանը, որ ազնիւ հիւրին նուիրեն հաճելի անակնկալի մը ու զուգադիպութեան արդիւնք հանդիսացող, այլ մեծանուն Ռամկավար Ազատականի մը որդւոյն՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակութեամբ վերջերս լոյս տեսած իր հօր՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային կեանքին ու գործին նուիրուած գիրքը, որ հրատարակութիւնն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
Աւարտին ներկաները առիթը ունեցան իրենց զրոյցը շարունակելու հայկական հիւրասիրութեան մը առընթեր: