Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Ազրպէյճանական Կողմը Գնդակոծած է Բաղանիս Գիւղը

Յունիս 8 լոյս 9-ի ժամը 00.00-00:30-ը ժամանակահատուածին, ազրպէյճանական կողմը ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը հերթական անգամ խախտելով, գնդակոծած է Բաղանիս գիւղը:

Վնասուած են տանիքներ եւ լուսամուտներ: Այս մասին ըստ «Արցախփրես»-ի, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան:

«Բաղանիսի ուղղութեամբ կրակոցները դպրոցական քննութիւնները չխանգարեցին: Բաղանիսի միջնակարգ դպրոցի 11-րդ դասարանի աշակերտները արտադպրոցական միջոցառումէ վերադառնալու ճամբուն վրայ ստիպուած են 30 վայրկեան սպասել գիւղի սկիզբը` ապահովութեան համար: Հակառակ այս բոլորին` 9-րդ դասարանցիները բնականոն կերպով յանձնած են իրենց տարեվերջի քննութիւնը: Բաղանիսցի ըլլալը հպարտութիւն է, կարգվիճակ եւ ճակատագիր», գրած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին