Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Սթամպուլի Սուրբ Սոֆիա Տաճարին Մէջ Նամազ Ի Պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան Գերմանիոյ Կողմէ Ճանաչման

Յունիս 13- Յուլիս 5 Սթամպուլի Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ նամազ պիտի իրականացնեն, որ պիտի հեռարձակուի Թուրքիոյ պետական հեռատեսիլի ալիքով:  Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն խօսքով` ասիկա պաշտօնական Անգարայի պատասխանն է Գերմանիոյ Պունտեսթակի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Արդէն Բիւզանդական կայսրութեան գլխաւոր տաճարին մէջ իրականացած է կրօնական ձեռնարկ-հեռուստահաղորդում մը, որուն ընթացքին մասնակիցները ընթերցած են Գուրանը։

Եւրոպական երկիրներէն Յունաստանն ու Գերմանիան արդէն արձագանգած են Էրտողանի հասարակ քայլին` նշելով, որ ատիկա անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորում է ոչ միայն համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան, այլ նաեւ քրիստոնեայ հանրութեան հանդէպ:

Անգարայի պատասխանը եղած է աւելի քան զաւեշտալի. «Քանի որ ԱՄՆը կ՛աջակցի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, իսկ Գերմանիան կը կառչի Ցեղասպանութեան մասին սուտին, բարեկամութիւն այլեւս չկայ: Մեր հերթն է` Այա Սոֆիան բանալ նամազի համար»,Twitter-ի մէջ գրած է իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներէն մէկը:

Նշենք, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը, որ կառուցուած է Բիւզանդիայի Յուստինիանոս կայսրի օրով եւ եղած է կայսրութեան գլխաւոր տաճարը, մզկիթի վերածուած է 1453 թուականին` կայսրութեան անկումէն ետք, սակայն 1935 թուականին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով՝ Սուրբ Սոֆիային տրուած էր թանգարանի կարգավիճակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին