Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց հետեւեալ հայագէտները` Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան, Քոլոմպիա Համալսարանի նախկին դասախօս, Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտչեան, Ֆրեզնոյի Համալսարանի դասախօս եւ Փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան, Օքսֆորտ Համալսարանի դասախօս։
Հայագէտները Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իրենց կատարած ակադեմական աշխատանքներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին գնահատելով հայագէտներուն ակադեմական աշխատանքները, շեշտեց հայագիտութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս այս գիծով օտարները ներգրաւելով։ Ան ողջունեց արեւմտեան երկիրներու համալսարաններէն ներս հայագիտական դասընթացքներու նկատմամբ տակաւ աճող հետաքրքրութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց «Հայագիտութեան ծիրէն ներս հրատարակչական աշխատանքներուն զարկ տալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ տակաւին անկոխ գետիններ, անորոշ հարցեր ու մութ անկիւններ գոյութիւն ունին հայագիտական զանազան բնագաւառներէ ներս, որոնք կը կարօտին գիտական լուրջ աշխատանքի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Ծանօթ.- Նշենք, որ Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտչեան հիւրաբար Պէյրութ կը գտնուի հրաւէրովը Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ դասախօսելու Ֆրէզնոյի Հայութեան մասին:
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտչեան Վեհափառ տիրոջ այցելած էր ընկերակցութեամբ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան: