Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Արցախի Ի Նպաստ Արշաւէն Ցարդ Գոյացած Է 325,000 Տոլար

Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնած՝ Արցախին օժանդակելու արշաւէն (#Help Artsakh) ցարդ գոյացած է 325,000 տոլար գումար մը, մինչ դրամահաւաքի եւ օժանդակութիւնները տեղ հասցնելու աշխատանքները կը շարունակուին։

Մայիս 13-ին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչները այցելած են վիրաւորուած եւ Երեւանի մէջ դարմանուող շարք մը հայ զինուորներու, ինչպէս նաեւ նահատակուած եւ վիրաւորուած կարգ մը զինուորներու բնակարանները՝ Շիրակ եւ Արարատ մարզերու մէջ, իւրաքանչիւրին յանձնելով 1000-ական տոլար գումար մը։

Նաեւ Մայիս 21-22-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչները այցելած են Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոց եւ Արցախի Մարտակերտ, Մարտունի ու Հադրութ շրջաններուն մէջ գտնուող նահատակ կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն՝ իւրաքանչիւրին յանձնելով 1000-ական տոլար գումար մը։

Հայաստանի ՀԲԸՄ-ի փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան նաեւ հանդիպում մը ունցած է Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ՝ ներկայացնելով Արցախին օժանդակելու նպատակով ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնած աշխատանքի մանրամասնութիւնները։ Այս ծրագիրին մաս կը կազմեն բժշկական սարքաւորումներու նուիրում եւ բանակին աջակցելու քայլեր։

Ապրիլէն ի վեր ՀԲԸՄ-ը աջակցութիւն տրամադրած է նաեւ Ապրիլեան պատերազմին պատճառով տեղահան եղած 70 հայորդիներու, որոնցմէ 30-ը երախաներ են, զանոնք հիւրընկալելով Ստեփանակերտի «Նայիրի» պանդոկին մէջ։ Արցախի մէջ օժանդակութիւններ տրամադրուած են նաեւ վիրաւորուած եւ նահատակուած 21 զինուորներու ընտանիքներուն։

Օժանդակութիւններու բաժանումը համակարգելու համար, ՀԲԸՄ-ը կը խորհրդակցի Հայաստանի իշխանութեանց, ինչպէս նաեւ նահատակ եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն օժանդակութիւն հասցնող այլ կազմակերպութեանց հետ։

Արշաւին նպաստելու համար այցելել https://donate.agbu.org/pages/nkr-relief կայքէջը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին