Մոնթրէալի մէջ կազմակերպուած թրքական ֆիլմերու փառատօնին լաւագոյնը ճանչցուած է՝ համշէնահայ բեմադրիչ Օզճան Ալպերի «Քամիի յիշողութիւններ» ֆիլմը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային:
Ըստ Akunq.net–ի մրցանակ ստացած համշէնահայ Օզճան Ալպեր, ելոյթ ունենալով փառատօնի ժամանակ մասնաւորաբար նշած է. «Եթէ այս աշխարհի մէջ, երբ գրեթէ բոլորը անտուն եւ անտէր մնացած են, աքսորեալ ու գաղթական դարձած, հանդիսատեսը դեռ կրնայ «Քամիի յիշողութիւններ»ուն հերոսներէն Արամին հետ միասին անցեալին նայիլ, թերեւս ամէն բան կորսուած չէ:
Քանզի թէ՛ Թուրքիոյ տարածքներուն մէջ, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ բաւարար չափով չենք կրցած առերեսուիլ անցեալ դարերուն կատարուած դէպքերուն հետ եւ իբրեւ մարդկութիւն բաւականաչափ չենք խրատուած անկէ: Կը մաղթեմ, որ այլեւս ոչ թէ աքսորներու, ցեղասպանութիւններու, այլ մարդկութեան ապրած գեղեցիկ օրերու մասին ֆիլմեր ստեղծենք: Մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին, որոնք ներդրում ունեցած են այս ֆիլմի ստեղծման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ այս մրցանակը ինծի արժանացուցած Ընտրող յանձնաժողովին»: