Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հակասութեան Ու Կեղծիքի Ընդհանրացած Երեւոյթ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան անունով, որքան կ՛ուզէք կեղծիք կայ այս օրերուն…:

Վերոյիշեալին լաւագոյն օրինակը հետեւեալ հակասութիւնն է. ԱՄՆ Դեմոկրատական կուսակցութեան պատկանող նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն, իր թեկնածութեան ընտրապայքարի ճարախօսութիւններու շարքին, Նիւ Եորքի մէջ հաւակնեցաւ եկամուտի անհաւասարութեան մասին ճար մը արտասանել… մինչ ինք հագած էր $12,495 ամերիկեան տոլար արժող Ճիորճիօ Արմանի (Giorgio Armani) մակնիշով վերարկու…:

Կարիքը կա՞յ մեկնաբանութեան…: Կարիքը կա՛յ ըսելու, որ մինչ անձ մը նման գումարով վերարկու կը հագնի, ազատ տնտեսութեան մէջ այս մէկը կը պատահի՝ շատ մը անձերու առանձ վերարկուի մնալու հաշւոյն…:

Սխալ չհասկցուինք: Չեմ ուզեր ըսել, թէ տիկին Քլինթըն իրաւունք չունի նման արժէքով վերարկու ունենալու: Հարցը հոս հակասութեան ու կեղծիքի մէջ է…:

Անշուշտ այս երեւոյթը դժբախտաբար ընդհանրացած է Ամերիկայէն Ափրիկէ… եւ Լիբանանէն Հայաստան…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին