Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ Պերլինի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ անհասկնալի են Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին թեր քուէարկած երեսփոխաններուն հասցէին հնչող պահանջներն ու մեղադրանքները:
«Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին կապակցութեամբ յայտնի է, որ գոյութիւն ունի Գերմանիոյ Պունտեսթակի եւ թրքական կողմի երկու տարբեր կարծիքներ: Այդ առնչութեամբ ես անձամբ պիտի շարունակեմ… հանդէս գալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու օգտին: Գերմանիոյ Պունտեսթակի երեսփոխանները առանց բացառութեան, ազատօրէն ընտրուած երեսփոխաններ են, եւ այն պահանջներն ու յայտարարութիւնները, որոնք այժմ կը հնչեն Թուրքիոյ կողմէ ես անհասկնալի կը նկատեմ», ըսած է Մերքել` մեկնաբանելով Գերմանիոյ ծագումով թուրք խորհրդարանականներուն հասցէին Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը, որ անոնց մասնաւորաբար մեղադրած է հայրենասիրութեան պակասի եւ իրենց երակներուն մէջ թրքական արեան բացակայութեան մէջ: