Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր – Պարտամուրհակի Ջնջում (Reverse Mortgage)

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Վերջերս հրապարակ իջած է հեռատեսիլի զանգուածային գովազդ մը, ըստ որուն յայտնի դերասաններ կը հրաւիրեն թոշակառուները օգտուելու այդ բացառիկ առիթէն։

Բայց ինչ է «պարտամուրհակի ջնջում»ը։ Խորքին մէջ ան նպաստաւոր դրութիւն մը կը ստեղծէ այն թոշակառուներուն, որոնք բնակարանի մը տէրն են։ Այսպէս՝ անոնք կրնան զերծ պահուիլ իրենց ամսական պարտամուրհակները վճարելէ, եթէ յօժարին յետ մահու իրենց բնակարանը  կտակել այդ կազմակերպութեան։ Մինչ այդ անոնք կը շարունակեն բնակիլ իրենց բնակարաններուն մէջ։

Անշուշտ այդ պայմանագիրը կ՛ենթադրէ, որ կազմակերպութեան քննիչները տեսնեն բնակարանը, գնահատեն անոր արժէքը, վերահասու դառնան պարտամուրհակի քանակին եւ վերջապէս յարմար դատեն, որ այդ բոլորը կը լրացնեն պէտք եղած պայմանները։

Այսքանը շատ լաւ, սակայն անոնք որոնք կ՛ուզեն օգտուիլ այդ բացառիկ առիթէն՝ պէտք է լաւ կարդան պայմանագիրի զանազան յօդուածները, յետագային անակնկալի մը առջեւ չգտնուելու համար։ Ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ։

Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, իրական կեանքէ առնուած օրինակով մը։ Ուրեմն թոշակառու տարիքոտ ամոլ մը կ՛որոշեն մասնակցիլ այդ ծրագիրին եւ այրը կը ստորագրէ պայմանագիրը։ Բայց հազիւ թէ այրը կը մահանայ, կազմակերպութեան պատասխանատուները կնոջմէն կը պահանջեն, որ տունը պարպէ։

Պայմանագիրը պէտք է ստորագրուէր երկուքին կողմէ, որպէսզի անախորժ այդ դէպքը չպատահեր։ Կամ այրը չստորագրած պէտք էր նշեր, որ իրենց երկուքի մահուան պարագային միայն՝ տունը կրնար փոխանցուիլ կազմակերպութեան։

Դրամատիրական այս երկիրին մէջ, կազմակերպութիւններ եւ նոյնիսկ անհատ մարդիկ կը տառապին խղճահարութեան չգոյութենէ։ Անոնց հոգը չէ բնաւ, թէ թոշակառու այդ կինը ու՞ր պիտի ապրի եւ կամ ինչպէ՞ս պիտի հոգայ իր ապրուստը։ Անոնց մօտ դժբախտաբար «արդիւնքը կ՛արդարացնէ միջոցը», այսինքն “the end justifies the means”.

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին