Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէան Վարժարանի Մանկապարտէզի 65-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէս

Կիրակի՝ 5 Յունիս 2016ի կ.ա. ժամը 11։00-ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահը լեցուն էր մեծարգոյ հիւրերով: Ներկայ էին ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի պատասխանատուներ, վարժարանիս Հոգաբարձութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին, եւ Սանուց Միութեան անդամներ, ծնողք եւ բարեկամներ, որոնք եկած էին վայելելու  վարժարանիս 65-րդ հունձքի ամավերջի հանդէսը։

Յայտագիրը ընթացք առաւ մանկապարտէզի աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ դպրոցի քայլերգներով։ Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Հաննա, որ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ըսաւ. «Հայ դպրոցը դարեր շարունակ եղած է լուսատու ջահը,  որ  կը լուսաւորէ բոլոր մանուկներուն գոյատեւման երաշխիքը, եւ մեր վարժարանը 65 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր երթը տալով շնորհալի հունձքեր, ինչպէս նաեւ փոխանցելով անոնց բոլոր մանկական իրաւունքները։ Մեր փոքրիկները ամբողջ տարեշրջանի մը ընթացքին ստացան ջերմ ընդունելութիւն եւ իրենք իրենց զգացին ապահով։ Ստացան մտային զարգացում, ընկերային շրջանակ, հայեցի դաստիարակութիւն եւ սորվեցան կենցաղավարութիւն»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց  ժրաջան տնօրէնուհիին, որ ոչ մէկ ջանք կը խնայէ  այս մարդակերտումի դարբնոցը հաստատ ու կանգուն պահելու։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ տրամախօսութեամբ մը, որուն նիւթն էր «Միեւնոյն Աշխարհի Մանուկներ»ը, որու ընդմէջէն կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու  աղջիկները ներկայացուցին «Մոգաց Հարսեր» պարը, բողբոջ դասարանը «Let’s  Twist Again», մանկամսուրը «Feeling Hot», ծաղիկ դասարանը «Volkstanz Schuhplatteln», իսկ կոկոն դասարանը «Մանուկներու Օր» պարը։ Բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարանները միասնաբար  նուագեցին «Դպրոցական Քայլերգը» եւ երգեցին «أعطونا الطفولة» նաեւ կատարեցին մարզական շարժումներ։ Նիւթ առնելով «Մանուկներու Իրաւունքները» ցուցադրուցաւ տեսաերիզ մը։

Ժամը հասաւ վկայականաց բաշխման, շրջանաւարտները բեմ բարձրանալով արտասանեցին «أطفال الروضة» եւ «Children’s Day», ետքը իւրաքանչիւր շրջանաւարտ արտայայտեց իր անձնական մտորումը, որմէ ետք անոնք ստացան իրենց վկայականները։

Կրթական խօսքը կատարեց վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա  Նաճարեան։ Ան ըսաւ. «Այսօր մանկապարտէզի համար խորհրդանշական օր մըն է, որովհետեւ Թէքէեանի մեծ ընտանիքը յաջողութիւններով եւ նորութիւններով արդիւնաբեր տարեշրջան մը եւս հասցուց իր աւարտին։ 65-րդ հունձքի ամավերջի հանդէսը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Լիբանանի հիւրընկալ հողին վրայ, հակառակ կեանքի առօրեայ ճնշումներուն ու բազում դժուարութիւններուն, բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի ազգային ոգիէն ու շունչէն տոգորուած, կը շարունակենք մեր դժուար առաքելութիւնը, իրագործելով մեր ազնիւ նպատակը՝ մնալով հայութեան ու հայկականութեան ամռոց իր զուտ հայկական միջավայրով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ։ Ու ահաւասիկ այսօր, անգամ մը եւս կը յաջողինք զարդարել հայ մանուկին անմեղ ու ծաղկածիծաղ աշխարհը, որովհետեւ անոնք են հայ ժողովուրդին յոյսն ու  ապագան»։

Իր խօսքի աւարտին ան սրտագին երախտագիտութիւն յայտնեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինին, ատենապետութեամբ նախկին պետական երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, որոնք իրենց հայրական հոգածութեամբ կը հովանաւորեն վարժարանիս բոլոր ծրագիրները։ Յատուկ  շնորհակալութիւն  նաեւ լաւ եւ վատ առիթներու իրենց նուիրատութիւններու համար Թէքէեանը ընտրող հարազատներուն։ Եւ վերջապէս շնորհաւորեց փոքրիկ շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները՝ մաղթելով անսահման եռանդ, նուիրում ու սէր վարժարանէն ներս, որպէսզի մանկապարտէզը խրոխտ քայլերով շարունակէ իր նուիրական աշխատանքը։

Վարձքը կատար բոլորին։

DSC_6671

DSC_6661

DSC_6524

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին