Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Մինչեւ Որ Ժողովուրդ Մը Ու Երկիրն Ամբողջ Պա՞տը Մտնեն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ակադեմական տարեվերջ է նորէն: Հազարաւոր շրջանաւարտ ուսանողներ պիտի վկայուին շուտով: Ուրախ են անոնք: Իրենց ծնողները նոյնպէս: Այս ուրախութիւնը արդարացի է անշուշտ եւ տարրական իրաւունք, սակայն ան անխա՞ռն է արդեօք…:

Լիբանանի տնտեսական տագնապի այս օրերուն, ո՞ւր պիտի աշխատանք գտնեն այս տղաքն ու աղջիկները: Համալսարաններու մատակարարած մասնագիտութիւններուն եւ շուկայի պահանջին մէջ հաւասարակշռութիւն կա՞յ արդեօք…: Դժբախտաբար ո՛չ: Քանի՞ համալսարան մասնագիտական ճիւղ մը չբացած արդեօք կը սերտէ շուկայի պահանջը…:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հազարաւոր երիտասարդներուն ապագան… գաղթականութեան մէկական ծրագի՞ր…:

Պետութիւնը ի՞նչ կ՛ընէ այս ուղղութեամբ…։ Ո՛չ մէկ բան:

Այս անչափ ու անհաշիւ դրութիւնը ընկերատնտեսական եւ ինչու չէ հոգեկան դժուարութիւններ պիտի չստղծէ՞ երիտասարդութեան մօտ…:

Ե՞րբ պիտի կանոնաւորուի կրթական այս շատ կարեւոր դաշտը, թէ ոչ պիտի շարուանակուի այս անփութութիւնը՝ «ճամբան կ՛երթայ, կոյրը կ՛երթայ» տրամաբանութեամբ, մինչեւ որ ժողովուրդ մը ու երկիրն ամբողջ պա՞տը մտնեն… :

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին