Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Ազրպէյճանի Առաջնագիծին Վրայ Դիտարկում Պիտի Իրականացնէ

Յունիս 8-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ՝ ԼՂՀ Մարտունիի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրի արեւելեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլէն /Չեխիա/ եւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմոն Թիլերը (Մեծ Բրիտանիա):

ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին