Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Հրէաներուն Պատասխանը Անգարային. «Ի Տարբերութիւն Թուրքիոյ Գերմանիան Իր Պատմութիւնը Չի Հերքեր»

Գերմանիան որպէս Հոլոքոսթը ճանչցած ու ատոր համար լիակատար պատասխանատուութիւն կրած երկիր, ունի բարոյական իրաւունք մատնանշելու Թուրքիոյ, որ վերջինս սխալ կը գնահատէ իր պատմութիւնը:

Այդ մասին յայտարարած է Հրէական համայնքներու դաշնութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորոտան, մեկնաբանելով Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքրի Պոզտաղի խօսքերը այն մասին, թէ Գերմանիան կ՛այրէր հրեաները, իսկ այժմ կը մեղադրէ Թուրքիան Ցեղասպանութիւն գործելու մէջ:

«Գերմանիան, որ նախապէս շատ սխալներ գործած է, կը հասկնայ, որ մէկ ցեղասպանութեան մասին լռելը կրնայ ապագային բերել ատոր կրկնութեան», նշած է ան, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկեց հայերու եւ այլ քրիստոնեաներու Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Դէմ էր ընդամէնը 1 պատգամաւոր, եւս մէկը ձեռնպահ մնացած է: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի` «101 տարի առաջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացած Ցեղասպանութիւնը պէտք է յիշատակել»: Կը նշուի, որ խորհրդարանը կը դատապարտէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերուն գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացնելու գործողութիւնները: 5 էջնոց բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «Հայերուն ճակատագիրը 20-րդ դարուն տեղի ունեցած կոտորածին, էթնիք զտման, տեղահանութեան ու Ցեղասպանութեան օրինակ է»:

Գերմանիան այս բանաձեւով կ՛ընդունի նաեւ իր պատմական պատասխանատուութիւնը այդ ողբերգութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին