Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

«Թուրքիոյ Մէջ 100 Հազարի Մօտ Հայեր Կան Մենք Ալ Զանոնք Հայաստան Կ’ուղարկենք». Էրտողան

Երկու օրերու ընթացքին արդէն չորրորդ հրապարկային ելոյթով, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կը յարձակի Գերմանիոյ եւ հայերուն վրայ: Կիրակի ան արդէն գերմանացիները մեղադրած էր Ափրիկէի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելուն մէջ, կը գրէ «Երկիր մետիա»-ն:

Այս անգամ ան ելոյթ ունեցած է Սապահատտին Զաիմ համալսարանի աւարտական արարողութեան ժամանակ:

«Հէ՜յ Գերմանիա, տես նորէն կ՛ըսեմ` նախ եւ առաջ Հոլոքոսթի եւ Նամիպիոյ շուրջ 100 հազար նամիպիացիներ սպաննելու, ոչնչացնելու հաշիւը պիտի տաս», ըսած է Էրտողան նշելով, թէ Գերմանիան ամենաքիչը իրաւունք ունէր խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քուէարկութիւն կազմակերպելու:

Ան անդրադարձած է նաեւ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը ազգութեամբ թուրքերու կողմէ պատրաստելու փաստին` ըսելով. «Ի՞նչ թուրք: Անոնց արիւնը պէտք է տարրալուծական փորձաքննութեան ենթարկել»:

Աւելի առաջ Թուրքիոյ արտահանողներու միութեան համագումարին ունեցած ելոյթի ընթացքին, Էրտողան սպառնացած էր Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիներուն: Իր խօսքին մէջ ան մասնաւորապէս ըսած էր. «Թուրքիոյ մէջ 100 հազարի մօտ հայեր կան: Անոնցմէ շուրջ կէսը մեր քաղաքացիներն են: Այն հայերը, որոնք մեր քաղաքացիները չեն, ինչո՞ւ պէտք է պահենք: Ինչպէս կ՛ընեն եւրոպացիները (նկատի ունի փախստականներու հարցով Եւրոպայի դիրքորոշումը), մենք ալ զանոնք Հայաստան կ’ուղարկենք: Մենք կ’ընենք ատիկա»:

Թուրքիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է նաեւ, որ Հայկական հարցը կը շարունակէ շարք մը պետութիւններու համար սպառնալիքի միջոց մնալ, որ կրնան կիրառել Թուրքիոյ դէմ, երբեմն ալ այդ սպառնալիքը կը փորձեն որպէս մահակ օգտագործել, սեփական շահերու հասնելու եւ Թուրքիան վարկաբեկելու համար:

Ի տարբերութիւն նախորդ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւններուն, Էրտողան այս անգամ յայտարարած է, որ տեղահանութիւնը պիտի ընէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին