Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Սուրիահայութեան Կազմակերպուած Պարպում Քանի Դեռ Ուշ Չէ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Դարձեալ մտահոգիչ լուրեր կու գան Հալէպէն: Նորութիւն չէ, սակայն անցնող շաբթուան այնտեղի արհաւիրքը կրկնապատկուած կ՛երեւի: Հայ զոհերն ու վիրաւորներն ալ շատ…: Ըստ վերջին լուրերուն մարդկային զոհերէն բացի վնասուած է Հալէպի Զուարթնոց եկեղեցին, անոր կողքը գտնուող հայկական դպրոցը, ինչպէս նաեւ այլ հայապատկան շինութիւններ։

Ընկերային համացանցն ու հայկական լրատուական միջոցները ողողուած են Հալէպի լուրերով…: Հայկական News.am-ի կայքէջին վրայ կը կարդանք. «Պատահականութիւն չի կրնար ըլլալ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն ետք՝ Հալէպի հայկական թաղերուն բուռն ռմբակոծութեան տակ առնուիլը»: NEWS.am-ի հետ զրուցած է թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան: Ըստ իրեն «Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան սկսելէ ետք, Թուրքիան իր կողմէ ֆինանասաւորուող ու ղեկավարուող ահաբեկչական խմբաւորումները կ՛ուղղորդէ՝ յատուկ թիրախաւորելու Սուրիոյ հայկական բնակավայրերը»: Իսպիրեան յիշատակած է 2014 թուականի Ապրիլ 24-էն 2 օրեր առաջ՝ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցումը, ինչպէս նաեւ Քեսապի ժամանակաւոր գրաւման պարագան, երբ Թուրքիոյ տարածքէն անարգել ահաբեկիչները զինամթերքով մտած էին հայաբնակ Քեսապ:

Վերոյիշեալ զրոյցը կամ վերլուծումը տրամաբանական ըլլայ, իրկանութիւն թէ՞ «դաւադրութեան տեսութիւն» (Conspiracy Theory), մեզի կը մնայ ամէն պարագայի լրջօրէն մօտենալ սուրիահայութեան հարցին:

Այս մասին շատ անդրադարձած եմ ատենին: Այս անգամ եւս եւ կրկնութեան գինով երեւի կ՛արժէ դարձեալ սրտագին կոչ մը ուղղել հոս՝ ամէն գինով փրկելու սուրիահայոց՝ ի մասնաւորի Հալէպահայոց մարդկային անգին կեանքը գէթ:

Հակառակ մեր զգացական փափաքին, որ շուտ վերջ գտնէ այս պատերազմը, Սուրիոյ հարցը շա՜տ երկար կը թուի ըլլալ:  Հակառակ ակնկալուածին ու մեր իղձերուն՝ կրնայ նաեւ նոր սկսած համարուիլ: Չորս կողմի օրինակները շատ են…:

Սուրիահայութեան «ժխտումի հոգեվիճակ»ը (denial) աւելի քան հասկնալի է: Մեր գրաւեալ հողերուն աշխարհագրականօրէն ամենամօտիկ շրջանը չհայաթափելու մղձաւանջն ալ տեղին է…: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է փրկել մնացորդացին հոգիները: Ո՞վ կրնայ ապահովել անոնց ֆիզիքական ապահովութիւնը…:

Արդեօք ատենը հասած չէ՞ կազմակերպուած պարպումի (evacuation-ի) ռազմավարութեան մը մշակումին, սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու եւ Հայրենի պետութեան համագործակցութեամբ…:

Ե՞րբ պէտք է ձեռնարկենք այս քայլին, մինչ պատերազմական գօտիի մը մէջ քաղաքացիներ ունեցող ամենախեղճ պետութիւնն ալ՝ նման քայլի կը ձեռնարկէ ամէնուրեք…: Հայրենի պետութեան դժուարութիւնները հասկնալի են, սակայն ո՞ւր է Սփիւռքը, որուն ազգային դիմագիծի պահպանման ռահվիրան եղած է սուրիահայութիւնը…: Ո՞ւր է սփիւռքահայութեան ղեկավարութիւնը: Մեր ղրկած ծածկոցները, հագուստեղենը, ուտեստեղէնն ու լումաները կրնան շուտով բանի մը չծառայել: Ես կը հաւատամ, որ սուրիահայութիւնը հոգեբանական ցուցմունքի եւ քաջալերանքի պէտքը ունի… գոնէ ժամանակաւորապէս պարպելու իր ծննդավայրը… եւ անմիջապէս:

Այս տողերը գրողս այն մարդոց կարգին է, որոնք կը հաւատան, թէ դժբախտաբար Սուրիոյ արհաւիրքը իր սկզբնաւորութեան մէջ կը գտնուի՝ հակառակ անցնող տարիներու աւերածութիւններուն ու մարդկային մեծաթիւ զոհերուն: Իսկական արիւնահեղութիւնը տակաւին նոր կրնայ սկսիլ…: Ուրեմն օն դէպի սուրիահայութեան կազմակերպուած պարպում, թէկուզ ժամանակաւորապէս: Ես կը հաւատամ, որ այս է օրուայ հրամայականը… քանի դեռ ուշ չէ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին