Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Արմէն Գէորգեան նշանակուած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) քարտուղար, կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Հանրապետութեան նախագահը ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար կազմին ներկայացուցած է Խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գէորգեանին, շնորհաւորած եւ յաջողութիւններ մաղթած է անոր:
«Արմէն Գէորգեանը ունի բաւականաչափ փորձ, որ կարենայ յաւուր պատշաճի կատարել ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի դժուարին պարտականութիւնները: Կայացած գործիչ է: Անոր կը ճանչնամ համատեղ աշխատանքէ գրեթէ 20 տարիներէ եւ այդ ընթացքին չեմ յիշեր դէպք մը, երբ ան դժուարանար իր պարտականութիւնները կատարել: Այդ ժամանակի ընթացքին ան առնչուած է նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորուհրդի գործունէութեան, զբաղած է հարցերով, որոնք նոյնինքն Խորհուրդի անմիջական պատասխանատուութեան ոլորտի մէջ էին: Վստահ եմ, որ կարճ ժամանակի մէջ ձեր օժանդակութեամբ ան կրնայ մեր հանրութեան եւ մեր պետութեան անգամ մը եւս ցոյց տալ, որ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կարեւոր օղակ է մեր պետական կառավարման համակարգի մէջ: Բոլորդ շատ լաւ կը գիտակցիք, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը խորհրդատուական մարմին է, բայց չէ եղած որեւէ կարեւոր խնդիր, որ չքննարկուի Խորհուրդի մէջ, այնուհետեւ այդ քննարկման արդիւնքներով որոշում չկայացուի», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Արմէն Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին վստահութեան համար եւ նշած, որ ասիկա իր համար պետական համակարգի մէջ դրսեւորուելու կրկնակի փորձ է: «Ես համոզուած եմ, որ մեր բոլորիս համատեղ ջանքերով, իսկապէս կրնանք այնպէս ընել, որ բոլորին ակնկալիքները այս կառոյցէն արդարացած ըլլան», ըսած է ՀՀ ԱԱԽ նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գէորգեան: Նշելով, որ արդէն ծանօթացած է իր գործընկերներէն մէկ մասի հետ եւ համոզուած է, որ Խորհուրդը պատասխանատուութիւն կրող կառոյց է, ՀՀ ԱԱԽ քարտուղարը վստահեցուցած է, որ անոնց հետ միասին պիտի փորձէ ընել ամէն հնարաւորը` պարտաճանաչօրէն եւ բարձր որակով իրականացնելու Խորհուրդին առջեւ դրուած պարտականութիւնները: