Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Հայաստան Կը Դատապարտէ Հալէպի Հայաբնակ Թաղամասերու Շարունակական Ռմբակոծումները

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան խօսած է՝ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումներուն մասին ըսելով. «Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ  Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումները, որոնք մարդկային զոհերու եւ աւերածութիւններու պատճառ կը դառնան:

«Վերջին օրերուն կատարուած յարձակումներուն  պատճառով զոհուած են չորս հայեր, լրջօրէն վնասուած են հայկական ծերանոցը, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Երրորդութիւն` Զուարթնոց եկեղեցին, գիտակրթական, պատմամշակութային եւ քաղաքացիական նշանակութեան շարք մը այլ շինութիւններ:

«Սուրիական ճգնաժամի լուծման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնական նախապայմանը՝ զինուորական գործողութիւններու եւ բռնութեան անյապաղ դադրեցումն է», նշած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին