Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ջաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Իրան առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ բարեկամ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխգործակցութեան եւ համոզում յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն զայն առաւել ամրապնդելու համար:
Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն, Իրանի ԱԳ նախարարը այս մասին ըսած է Յունիս 5-ին Թեհրանի մէջ` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Կողմերը համակարծիք էին, որ Իրանի նախագահին Հայաստան նախատեսուող այցը կարեւոր լիցք պիտի հանդիսանայ՝ հայ-իրանական փոխգործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու համար: Կողմերը վերահաստատած են յանձնառութիւնը` հետեւողական ջանքեր գործադրելու համատեղ ծրագիրներու իրականացման նպատակով:
Անդրադառնալով Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան` Էտուարտ Նալպանտեան զայն համարած է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ 2015ի ամենանշանակալի ձեռքբերումներէն մէկը:
էդուարդ Նալպանտեան եւ Մոհամադ Ջաւատ Զարիֆ ստորագրած են՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգի ազատականացման մասին յուշագիրը։